image

Էրտողան խօսած է Մեծն Բրիտանիոյ պաշտօնաթող վարչապետ՝ Ճոնսընի հետ

Էրտողան խօսած է Մեծն Բրիտանիոյ պաշտօնաթող վարչապետ՝ Ճոնսընի հետ

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան եւ Մեծ Բրիտանիոյ պաշտօնաթող վարչապետ՝ Պորիս Ճոնսըն 2 Սեպտեմբերին հեռախօսով քննարկած են յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանային խնդիրները, յայտնած է Hyurriyet Daily News-ը։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուած են Թուրքիոյ եւ Մեծ Բրիտանիոյ յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանային հարցեր, յայտնած են թրքական լրատուական միջոցները՝ վկայակոչելով Էրտողանի գրասենեակը։

«Նախագահ Էրտողան նշած է, որ ինքը եւ Պորիս Ճոնսըն սերտ երկխօսութիւն հաստատած են Ճոնսընի վարչապետութեան ընթացքին, եւ որ ա՛լ աւելի բարելաւած են փոխադարձ յարգանքի եւ փոխըմբռնման վրայ հիմնուած երկկողմանի յարաբերութիւնները։

Նախագահ Էրտողան վստահութիւն յայտնած է, որ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները իր ռազմավարական գործընկեր եւ մերձաւոր դաշնակից՝ Մեծ Բրիտանիոյ հետ առաջիկայ ժամանակահատուածին պիտի խորանան եւ զարգանան բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ նոյն ողջախոհութեամբ եւ հեռատեսութեամբ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։