Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոն յայտարարած է, որ պիտի հեռանայ իշխող Ազատական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնէն, սակայն պիտի մնայ կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին այնքան ժամանակ, քանի դեռ ազատականները չեն ընտրած նոր առաջնորդ։
Այս մասին հաղորդած է BBC-ն։
Իր որոշման մասին Թրիւտոն յայտարարած է առաւօտեան մամուլի ասուլիսին։
Գանատական լրատուամիջոցներու աղբիւրները պարզաբանած են, որ Թրիւտոն որոշած է յայտարարել իր հրաժարականի մասին Ազատական կուսակցութեան ազգային համագումարէն առաջ, որ պիտի սկսի չորեքշաբթի։ Այնտեղ պիտի որոշուի կուսակցութեան ղեկավարութեան վերընտրութեան հարցը, եւ կ՚ենթադրուի, որ Թրիւտոն ուզած է խուսափիլ իրավիճակէ մը, երբ իր կուսակցութեան անդամները պիտի հեռացնեն անոր ղեկավարի պաշտօնէն։
Թրիւտոն ղեկավարած է կուսակցութիւնը 2013 թուականին, իսկ վարչապետ դարձած է 2015 թուականին, երբ ազատականները յաղթած են այդ տարի խորհրդարանական ընտրութիւններուն։