Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան 29 ապրիլին, Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած Teknofest արհեստագիտութիւններու փառատօնի ծիրէն ներս ներկայացուցած է երկու թուրք թեկնածուները, որոնք կը պատրաստուին թռչելու դէպի Միջազգային տիեզերակայան։
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը, Էրտողան յայտնած է, որ 14-օրեայ թռիչքի հիմնական թեկնածուն թրքական օդուժի օդաչու Ալպեր Կեզերաւճին է, իսկ միւս թեկնածուն՝ Թունա Ճիհանկիր Աթասեւերը, որ թրքական տիեզերական ծրագիրին մէջ կ'աշխատի, որպէս համակարգային աշխատակից։
Թուրքիոյ նախագահը յայտնած է, որ թռիչքը ծրագրուած է 2023-ի վերջաւորութեան։
2021 թուականին Էրտողան յայտարարած էր ազգային տիեզերական ծրագրի մասին, որ կ'ենթադրէ տիեզերագնացներու պատրաստում, ինչպէս նաեւ սեփական հրթիռի ուղարկում դէպի Լուսին: Անգարան մտադիր է այս նախագիծին վրայ ծախսել մօտ 6 միլիառ տոլար։
2022 թուականի սեպտեմբերին Թուրքիան եւ ամերիկեան Axiom Space ընկերութիւնը պայմանագիր ստորագրած են առաջին թուրք տիեզերագնացը տիեզերք ուղարկելու մասին։