Կարեւոր գրառում Փութին Էրտողան հանդիպումէն առաջ։
Օրեր առաջ էր, երբ Ուաթցի փակ խումբի մը մէջ հանդիպեցայ Ճարապլուսի վերեւ ռուսական ուղղաթիռի մը թռիչքին։ Զարմանքս մեծ էր, որովհետեւ Ճարապլուսը, ոչ միայն Սուրիոյ մէջ թրքական ներկայութեան կարեւորագոյն կէտ էր, այլ ռազմական հրամանատարութեան գլխաւոր զօրակայանը։
Արաբ (Սուրիոյ իշխանութեան մօտիկ) լրագրող ընկերներու հարց տալէ եւ քիչ մը «պրպտելէ» ետք ի յայտ եկաւ, որ ռուսական զօրքերու հրամանատարութեան գլխաւոր շտաբի բարձր պատասխանատուները հանդիպում ունեցած են Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Թեման շատ հաւանաբար Իտլիպի համար սպասուած կամ «նախատեսուած» սենարներուն քննարկումը եղած է այն պարագային, երբ պաշտօնական Դամասկոսի մէկէ աւելի լրասփիւռներ եւ վերլուծողներ արդէն իսկ սկսած են «բաց» ձեւով խօսիլ Իտլիպի ազատագրութեան մասին։
Թեման բարդ է ու խճճուած, սակայն աւելի քան ապահով եմ, որ վաղը Մոսկուայի մէջ կայանալիք Փութին-Էրտողան հանդիպման հիմնական օրակարգը դարձեալ Իտլիպն է։
Մեծ հաշուով այն կարծիքին եմ, որ Էրտողան դժգոհ վերադարձաւ ԱՄՆ-էն ու այդ մէկը զգալի էր, ոչ միայն զինք պաշտօնապէս չընդունելու փաստով, այլ իր խօսքի տարողութեամբ, ջղային վարքով եւ մէկ խօսքով «գլխիկոր» վերադառնալու (եւ ձեռնունայն) դրուագով։
Միւս կողմէ, լիրան կը շարունակէ նահանջել, ռուսական զօրքեր երկար ժամանակէ ի վեր առաջին անգամն ըլլալով կը հարուածեն Հալէպի ծայրամասերուն եղող թրքական կէտերը եւ իսլամական խմբաւորումներուն մօտ շփոթի մեծ մթնոլորտ մը սկսած է ձեւաւորուիլ։
Ահա այս շեշտերուն ներքոյ է, որ Էրտողան Մոսկուա պիտի այցելէ ու չի բացառուիր, որ ան Սուրիոյ կտրուածքով ընդունի որոշ զիջումներու երթալ, քանի իրենց մօտ գալիք ժամանակներուն ընտրութիւններ չկան ու ան վախ մը չունի ազգայնամոլ թուրքերուն քուէները կորսնցնելու։
Էրտողանի կողմէ Ռուսաստանի հանդէպ դրական շեշտերը պէտք է կարդալ նաեւ արեւմտեան մամուլին կողմէ «Էրտողանը պիտի ծախէ Փութինը» շեշտերով եղած հրապարակումները ու նաեւ Անգարայի թիւ մէկին կողմէ ռուսական C-400 նոր համակարգեր գնելու «վճռակամութեան» մէջ։
Ամէն պարագայի, ինչպէս հայաստանցիք կ՚ըսեն, դեռ ամէն ինչ առջեւում է ու ամենակարեւորն այն է, որ ինչպէս յաճախ գրած եմ, որ Սուրիան շատ մօտ է շրջանային մեծ խաղադաշտ վերադառնալու ժամանակներէն։
Սպասենք։
Գրառումը՝ Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն