Ամերիկացի յայտնի երգչուհի եւ դերասանուհի Մարիա Քէրին յայտնած է մօրը՝ Փաթրիսիայի, եւ քրոջը՝ էլիսընի մահուան մասին: Ինչպէս գրած է BBC, երգչուհին իր յայտարարութեան մէջ նշած է, որ մայրն ու քոյրը մահացած են նոյն օրը։
«Սիրտս կոտրուած է, ես կորսնցուցած եմ մօրս հանգստեան օրերուն։ Ողբերգական զուգադիպութեան հետեւանքով, ցաւօք, նոյն օրը կեանքէն հեռացած է նաեւ քոյրս», - յայտնած է Քէրին՝ աւելցնելով, որ երջանիկ եղած է, որ մօր հետ անցուցած է անոր նախքան մահուան վերջին շաբաթը:
Երգչուհին չէ յայտնած մօր եւ քրոջ մահուան պատճառները խնդրելով՝ յարգել իր անձնական կեանքի իրաւունքը: Փաթրիսիա Քէրին 87 տարեկան էր, իսկ Էլիսըն Քէրին՝ 63։
Երգչուհիի հայրը՝ Ալֆրետ, մահացած է 2002 թուականին՝ 72 տարեկանին, քաղցկեղէն։
55-ամեայ Քէրիի յարաբերութիւնները մօր ու քրոջ հետ բաւական բարդ եղած են։ Երգչուհին իր յուշերուն մէջ գրած էր, որ աւելի անվտանգ է չշփուիլ քրոջ եւ եղբօր՝ Մորկընի հետ։
Փաթրիսիա Քէրին նախապէս օփերայի երգչուհի եղած է եւ երգեցողութիւն դասաւանդած։ Իր յուշերուն մէջ Մարիա Քէրին պատմած է, որ մօր հետ յարաբերութիւններուն մէջ դժուարութիւններու պատճառը մասնագիտական մրցակցութիւնն էր։
Գիրքի հրապարակումէն յետոյ Քէրիի քոյրը՝ էլիսընը դատ բացած է անոր դէմ՝ պահանջելով 1,2 միլիոն տոլար հսկայական յուզական տառապանքի համար։