Օրերս Աթէնքէն տխուր լուր ստացանք։
Մահացած է յունահայ եւ յատկապէս Գոքինիոյ հայկական շրջանակներուն մօտ սիրուած անձնաւորութիւն հանդիսացող եւ տեղի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի տիկինը՝ երէցկին Մարալ Սվաճեան-Խաչերեանը։
Հանգուցեալը, նման Տէր Հօր ներգրաւուած էր համայնքային- ազգային գործունէութեանց ծիրէն ներս եւ մշտական ներկայութեամբ օրինակելի կին եւ նուիրուած մօր իսկական կերպարը կը մարմնաւորէն։ Կարճատեւ բայց ծանր հիւանդութեան հետեւանքով մահացած երէցկնոջ վերջին հրաժեշտի, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Գոքինիոյ Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ։
Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» իր ցաւակցութիւնները կը յղէ հանգուցեալի հարազատներուն եւ յատկապէս Յունաստանի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասու ներկայացուցիչներէն՝ Արժ. Տ. Պարէտ քհնյ. Երէցեանին։