Կարճ՝ այսպիսին է Արատի պատմութիւնը, որ երկար տարիներ շարունակած էր մնալ իսրայէլեան բանակին ուշադրութեան կեդրոն։
Պատկերացուցէք պետութիւն մը, որ կը հետեւի իր գերիներու կարգավիճակին, կը հետապնդէ անոնց հարցը եւ անոնց մահանալէն ետք անգամ յատուկ գործողութիւն մը կատարելով կը փորձէ յայտնաբերել անոր աճիւնները։
Ասկէ աւելի մեծ յարգանք անկարելի է ակնկալել ու Իսրայէլի վարքը, անոր մօտեցումը միայն յարգանքի մասին չէ , պետական մօտեցումի, բարձր նշաձողի եւ այդ պետութեան համար զոհաբերութիւն յանձն առած իւրաքանչիւր մարդու, զինուորի կամ օդաչուի հանդէպ յարգանքի «վճիռ» է, որ աւելիով կ՚ամրապնդէ այդ պետութեան հաւաքական ուժը եւ գաղափարական հիմքերը։
Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Իսրայէլ կը գործէ առանց հայրենասիրական սուտ ճառերու, այլ խօսքը վերածելով իրական գործի։
Յստակ է անշուշտ, որ պետութեան «Գոնսէփթ»ը Իսրայէլի մէջ պայմանաւորուած չէ միայն անհատներով, անոնց ընկալումներով կամ տուած վճիռներով։
Մարդը, անհատը, հրամանատարը, վարչապետը ի վերջոյ կարեւոր են այդ համակարգին մէջ, բայց ատոնցմով չեն պայմանաւորուած։
Կայ ծրագիր մը, կայ ազգային անվտանգութեան մօտեցում մը, կայ իմացութիւն մը, որ նաեւ կը համակարգէ այն մարմինները, եւ կառոյցները, որուն վրայ կը յենի Իսրայէլը։
Այս միտքերը ունեցայ կարդալէ ետք, իսրայէլեան բանակի գերեվարուած օդանաւորդ ՝ Ռոն Արատին մասին, որուն աճիւնները գտնելու նպատակով, Իսրայէլ երէկ յատուկ գործողութիւն մը կատարեց Լիբանանի «Նապի շիթ» գաւառին մէջ։ Հակառակ անոր, իսրայէլացիք դրական արդիւնք մը չհասան , բայց այդ երկրորդական է, քանի որ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն փորձեցին «գտնել» իրենց օդաչուին աճիւնները։
Յիշեցնեմ, որ Ռոն Արատ գերի ինկած էր 16 հոկտեմբեր 1986-ին, երբ մէկ այլ օդաչու Իշայ Աւիրամի հետ ռազմական գրոհ մը կը կատարէր լիբանանեան Հարաւի Մաղտուշէ շրջանին մէջ գտնուող Պաղեստինի Ազատագրական Կազմակերպութեան (PLO) դիրքերուն դէմ։
Մինչ Աւիրամ կը փրկուէր իսրայէլեան ուղղաթիռներու միջնորդութեամբ, անդին Արատ գերի կ՚իյնար Շիիթ «Ամալ» շարժումին ձեռքը։
Աւելի ուշ Արատ կը յանձնուէր «Հըզպալլա»ին ու ապա ծանրօրէն հիւանդանալով կը մահանար շատ հաւանաբար 1996-ին (Անշուշտ մինչեւ այս պահը անոր մահուան թուականին մասին յստակ տեղեկութիւն չկայ)։