image

Ատրպէյճան երախտագիտութիւն յայտնած է Հայաստանին

Ատրպէյճան երախտագիտութիւն յայտնած է Հայաստանին

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական յայտարարութեամբ երախտագիտութիւն յայտնած է միջազգային գործընկերներուն, այդ շարքին Հայաստանին՝ իրանական անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներէն ետք Ատրպէյճանին աջակցելու համար։

«Մենք մեծապէս կը գնահատենք Ատրպէյճանի հետ համերաշխութիւնը եւ մեր երկրի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան աջակցութեան յստակ վերահաստատումը։

Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք աջակցած են Ատրպէյճանին այս ընթացքին եւ կը գնահատենք անոնց շարունակական աջակցութիւնն ու ներգրաւուածութիւնը»,-ըսուած է ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։