Ժամը 17:00-ի դրութեամբ, Արմաւիրի մարզի Փարաքար համայնքի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցած է 9833 ընտրական իրաւունք ունեցող անձ կամ ընտրողներու 46.90%-ը:
Փարաքարի մէջ ընտրական իրաւունք ունի 20,967 անձ: Յայտնած են ԿԸՅ-էն:
Շիրակի մարզի Գիւմրի համայնքի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն, ժամը 17:00-ի դրութեամբ, մասնակցած է 39,181 ընտրող կամ ընտրական իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու 35.22%-ը: Գիւմրի համայնքին մէջ ընտրական իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու թիւը 111,236 է:
Երկու համայնքներու մէջ միասին քուէարկութեան մասնակցած է 49,014 ընտրող կամ ընտրական իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու 37.07%-ը: