Օրերս Սիտնէյի մէջ (Աւստրալիա) անակնկալ մահով իր հոգին աւանդած է գաղութի աշխոյժ երիտասարդներէն Փանոս Պորղոնզեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Աւստրալիոյ հայկական համայնքի լուրերը տարածով Armenian Media հարթակէն։
Կը նշուի նաեւ, որ երիտասարդ գործիչը պատասխանատու պաշտօններ կը վարէր գաղութի մասնաւորապէս ՀՅԴ երիտասրդական միաւորէն ներս։
Շրջապատին կողմէ սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն հանդիսացող Փանոս Պորղոնզեանի մահը սուգի ալիք մը տարածած է համայնքի անդամներուն մէջ։