image

Երեւանի թիւ 54 հանրակառքին մէջ տեղի ունեցած սպաննութեամբ մեղադրուողը ինքնակամ յանձնուած է ոստիկանութեան

Երեւանի թիւ 54 հանրակառքին մէջ տեղի ունեցած սպաննութեամբ մեղադրուողը ինքնակամ յանձնուած է ոստիկանութեան

Այսօր՝ 20 ապրիլին ոստիկանութեան Արտաշատի բաժին ինքնակամ ներկայացած է Արտաշատ քաղաքի բնակիչ՝ 58-ամեայ Գարեգին Պաղտասարեանը։

Shamshyan.com-ի  հաղորդմամբ, վերջինս կը կասկածուի 14 ապրիլին Երեւան քաղաքին մէջ՝ թիւ 54 երթուղին սպասարկող հանրակառքին մէջ, դանակի 3 հարուածով Երեւանի բնակիչ՝ 40-ամեայ Արմէն Յունանեանը սպանելու մէջ։

Սպանութենէն ետք վերջինս հեռացած էր դէպքի վայրէն, անոր նկատմամբ յարուցուած էր քրէական գործ եւ յայտարարուած էր հետախուզում։

Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ անոր ոստիկանութեան Արտաշատի բաժնէն կը տեղափոխեն ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժին, ուրկէ ալ՝ նախաքննական մարմին։

Յիշեցնենք, որ 14 ապրիլին 58-ամեայ քաղաքացին Երեւանի թիւ 54 երթուղին սպասարկող հանրակառքի մէջ դանակի 3 հարուածով սպանած էր Երեւանի բնակիչ՝ 40-ամեայ Արմէն Յունանեանը: