image

Երեւանի շինարարական հրապարակներէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է տղամարդու դի

Երեւանի շինարարական հրապարակներէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է տղամարդու դի

Երեւանի կառուցուող շէնքերէն մէկուն մէջ հերթական ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է: Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, 5 ապրիլի ժամը 17:50-ի սահմաններուն ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժինը տեղեկութիւններ ստացած է, որ Հանրապետութեան փողոցի 32 հասցէով կառուցուող շէնքի շինարարական հրապարակին մէջ դիակ կայ:

Տեղւոյն վրայ պարզուած է, որ ստացուած անմիջական տեղեկութիւնը հաւաստի է, մահացածը Շիրակի մարզի բնակիչ 66-ամեայ Վահագն Բ-ն է:

Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն՝ տղամարդը կառուցուող շէնքին 7-րդ յարկէն անզգուշաբար վար ինկած է: 

Դէպքի փաստով քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: