Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանի քննչական բաժնի 4 քննիչ ձերբակալուած է: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է Քննչական կոմիտէի մամուլի խօսնակ Գոռ Աբրահամեանը։
«Նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 393-րդ յօդուածի 1-ին մասի (թմրամիջոցների ապօրինի շրջանառութիւն) եւ 441-րդ յօդուածի 2-րդ մասի յատկանիշներով (պաշտօնատար անձի ծառայողական լիազօրութիւնները չարաշահելը, անցնելը»,- նշած է Աբրահամեան:
Աբրահամեանն այլ մանրամասներ չէ յայտնած՝ աւելցնելով, որ նախաքննութիւնը կ'իրականացնէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը։