image

Երեւանի մէջ. Պատիւի արժանացան ՀՄՄ-ի վեթերան 10 անդամներ

 Երեւանի մէջ. Պատիւի արժանացան ՀՄՄ-ի վեթերան 10 անդամներ

Օրերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀՄՄ-ի  վեթերան անդամներու պարգեւատրման տօնական միջոցառում։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ՀՄՄ-ի Հայաստանի մարմնի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ 6, Յունուար 2023-ին, Երեւանի «Մայյաս» շքեղ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ փառաւոր խրախճանք, պարահանդէսը։ Հովանաւորութեամբ՝ ՀՄՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ Երեւանի ՀՄՄ-ի վարչութեան։ Բացման խօսքով հանդէս եկան՝ ընկհ. Նարէ Փիլիպոսեանն ու ընկ. Գրիգոր Սնճարեանը։ Երգչուհին իր գեղեցիկ ձայնով ճոխացուց մթնոլորտը։ 

 Գլարինէթի նուագակցութեամբ հանդէս եկաւ՝ արուեստագէտը։ Տեղի ունեցաւ համադամ ընթրիքը։ Նոյն օրուան հովանաւորներու և ՀՄՄի երեք ամսեայ գործունէութիւններու վիտէոները հրապարակաւ ցուցադրուեցան։ ՀՄՄ-ի վարչութեան Ա.Պետ Ընկ. Յակոբ Տէմիրճեանը փոխանցեց ՀՄՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը, որ կ'ընդգրկէր" Նորակազմ ՀՄՄ վարչութեան ողջոյնի յատուկ խօսքեր, Օգոստոսին՝ Երեւանի մէջ Միութեանս հարիւրամեակի տօնակատարութիւն և տասներորդ Պատգամաւորական ժողով և մասնակցութիւն Համահայկական ութներորդ խաղերուն։ Ան հրաւիրեց օրուան պատուոյ ընկերները, որպէսզի կարկանդակը հատեն։ ՀՄՄ-ի Վեթերան ընկերներն էին՝ 

Ընկ. Յարութ Պալապանեան,

Ընկ. Վազգէն Մեսրոպեան,

Ընկ. Վարուժան Սաչլեան,

Ընկ. Գաբրիէլ Փաթափութեան,

Ընկ. Վահրամ Քէօշկէրեան,

Ընկհ. Նորա Փիլիպոսեան,

Ընկ. Հայկ Օգումուշեան,

Ընկ. Մովսէս Հալաճեան,

Ընկհ. Ալիս Մսըրլեան

Ընկ. Վիգէն Փիլիպոսեան։

Ձեռնարկի աւարտին ազգային և կուսակցական երգերով, երիտասարդները հրավառեցին մթնոլորտը։