25 օգոստոսին, ժամը 21:37-ին, Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւան քաղաքի Ղափանցեան փողոցը քամիէն կիսակառոյց շինութեան պատը փուլ եկած է եւ ինկած ինքնաշարժին վրայ, որուն մէջ կայ քաղաքացի․ անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը։ Յայտնած են ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութենէն (ՓԾ):
Դէպքի վայր մեկնած են ՆԳՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ եւ Փրկարարական ուժերու վարչութեան յատուկ նշանակութեան փրկարարական աշխատանքներու իրականացման կեդրոնի փրկարարական խումբը:
Փրկարարներն ինքնաշարժին մէջ յայտնաբերած են տղամարդու դիակ (1991-ի ծնունդ):
Փրկարարները ոստիկանութեան պարեկային ծառայութեան աշխատակիցներուն հետ սահմանազատած են տարածքը։
Դէպքի վայր գացած է ՓԾ տնօրէն, ՆԳ նախարարի տեղակալ, փ/ծ զօրավար-մայոր Կամօ Ցուցուլեան։