Ծիծեռնակաբերդի մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի անմար կրակէն վառած ջահը, եօթը մարզիկներ՝ վազքով հասցուցին Ազատութեան հրապարակ:
Երեւանի մէջ ընթացք առին Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ խաղերը:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Երկիր Մէտիա»էն։
Աղբիւրը կը նշէ, թէ աշխարհի 19 երկիրներէ Հայաստան ժամանած են 850 մասնակիցներ՝մարզախաղերուն մասնակցելու համար։ Անոնց հետ եկած են նաեւ բազմաթիւ քաջալերողներ եւ հետեւորդներ: Այս տարի 12 մարզաձեւեր պիտի կիրառուին: Աւստրալիայէն եկած մարզիկները կ՚ըսեն, թէ հայրենիք այցելելութիւնը զիրենք շատ յուզած է ։ Անոնց առաջին այցը Եռաբլուրն էր։
Մրցախաղերուն կարեւորագոյն նորոյթը «Հրաշք» մարզախաղերն են, որուն պիտի մասնակցին յատուկխնամքի կարիք ունեցող երեխաներն ու երիտասարդները: Մարզիկները Մատենադարանի քովէն շքերթովշարժեցան դէպի Ազատութեան հրապարակ: Հայրենատիրութեան գաղափարի ջահակիր մարզիկները՝Սփիւռքի եւ Հայաստանի միաւորման հերթական օրինակը կը ներկայացնեն: ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչ՝Վիգէն Խաչատուրեանը կ՚ըսէ, թէ մարզիկները հպարտ էին, որովհետեւ կրցան տեսնել Արարատը:
1981 թուականին, Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն մեկնարկը տրուեցաւ, եւ այդ շարունակականպիտի ըլլայ: Ականատեսը պիտի ըլլանք նաեւ Նաւասարդեան խաղերուն։ 1918 թուականին հիմնուած՝ Հայմարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը, կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր առաքելութեան: Ի սկզբանէ,ան ստեղծուած էր ցեղասպանութենէն փրկուած հայ որբերը հաւաքելու նպատակով: