image

Երեւանի մէջ կայացած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ԱԳ նախարարներու հանդիպումը.Նախարարները հռչակագիր ստորագրած են

Երեւանի մէջ կայացած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ԱԳ նախարարներու հանդիպումը.Նախարարները հռչակագիր ստորագրած են

Մայիս 26-ին պաշտօնական այցով Հայաստան կը գտնուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոն: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը։

ԱԳՆ մամուլի խօսնակը  յայտնած է, որ ՀՀ ԱԳՆ-ի մէջ կայացած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց  նախարար Ժան-Նոէլ Պարոյի առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած է նախարարներու համատեղ մամուլի ասուլիսը:

Հայաստանն ու Ֆրանսան կը ծրագրեն պաշտօնապէս ձեւակերպել առկայ ռազմավարական յարաբերութիւնները՝ համապատասխան փաստաթուղթի ստորագրմամբ, -համատեղ մամուլի ասուլիսի ընթացքին, այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոն՝ ընդգծելով, որ փաստաթուղթը պիտի նպաստէ յարաբերութիւններու պաշտօնականացման եւ պիտի ամրապնդէ համագործակցութիւնը՝ ապագայի ծրագիրերու ուղղութեամբ։

«Մեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններն արդէն մեծամասամբ ռազմավարական բնոյթ ունին»,- նշած է Պարոն։

Անոր խօսքով՝ երկու պետութիւններու համագործակցութիւնը կը ներառէ ենթակառուցուածքներու, արհեստագիտութիւններու եւ այլ ոլորտներու նախագիծեր։

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ հայկական կողմի հետ մտադիր են փաստաթղթային ձեւով ամրագրել այս համագործակցութիւնը։ «Պաշտօնակցիս հետ կը պատրաստուինք այս ամէնը թուղթին յանձնել՝ նախապատրաստելով ռազմավարական գործընկերութիւն, որ աւելի պաշտօնական բնոյթ պիտի տայ արդէն գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններուն։ Այն նաեւ պիտի նախատեսէ նոր նախաձեռնութիւններ, այդ շարքին՝ պաշտպանութեան ոլորտի մէջ»,-ըսած է Պարոն։

Իր հերթին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը շեշտած է, որ երկու երկիրները կը համագործակցին այնպիսի ոլորտներու մէջ, որոնցով նոյնիսկ ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթ ստորագրած պետութիւնները միշտ չէ, որ կ՚աշխատին։

Հայաստանն ու Ֆրանսան փաստաթուղթեր ստորագրած են

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարի՝ Հայաստան պաշտօնական այցի շրջածիրէն ներս Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ 3 փաստաթուղթ ստորագրուած է: 

ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Ժան-Նոէլ Պարոն ստորագրած են «Մտադրութիւններու մասին» հռչակագիր, որ կը նախատեսէ մասնաւորապէս երկու երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններու միջեւ տարեկան քաղաքական խորհրդակցութիւններու կայացում, համագործակցութիւն ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարին մէջ եւ դիւանագէտներու վերապատրաստում:Նախարարները ստորագրած են նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ Հայաստանի մէջ Զարգացման ֆրանսական գործակալութեան (ԶՖԳ) եւ Տնտեսական համագործակցութեան խթանման եւ մասնակցութեան ընկերութեան (Պրոպարկո) հիմնադրման եւ գործունէութեան մասին համաձայնագրին մէջ փոփոխութիւն ընելու մասին» արձանագրութիւնը։

Արձանագրութեան նպատակն է տարածել Համաձայնագրի կիրառումը «Էքսփերթիզ ֆրանս» գործակալութեան վրայ՝ նախատեսելով վերջինիս գործունէութիւնը Հայաստանի տարածքին մէջ՝ միտուած տեղական իշխանութիւններու, կառավարութիւններու, պետական գերատեսչութիւններու կարողութիւններու բարձրացման:

ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Ժան-Նոէլ Պարոյի ներկայութեամբ Enterprise Armenia ներդրումներու աջակցման կեդրոն հիմնադրամի տնօրէնի պաշտօնակատար Գոհար Գալեանը եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին՝ Business France-ի անունով, ստորագրած են Enterprise Armenia հիմնադրամի եւ Business France ֆրանսական ընկերութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիր:

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ «Երեւանեան երկխոօութիւն» միջոցառման շրջածիրէն ներս ՀՀ ԱԳ նախարարի հետ մասնակցած է փանելային քննարկման: