image

Երեւանի մէջ իրանցի տղամարդը ոտնձգութիւն կատարած է սուրիացի կնոջ նկատմամբ

Երեւանի մէջ իրանցի տղամարդը ոտնձգութիւն կատարած է սուրիացի կնոջ նկատմամբ

Օգոստոս 24-ին արտառոց դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։

Ժամը 22։15-ի սահմաններուն Համայնքային ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Կեդրոնական բաժին դիմած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան քաղաքացի 26-ամեայ Մ․ Ս․-ն եւ յայտնած, որ ժամը 20։40-ի սահմաններուն Զաքեան 8 հասցէի մօտ անյայտ անձը, բացայայտ արհամարհական վերաբերմունք դրսեւորելով բարոյական վարքականոնի նկատմամբ, առանց իր համաձայնութեան, մէկ անգամ ձեռք տուած է իր հետոյքին։

Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, նոյն օրը ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութեան համայնքային ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Արաբկիրի բաժնի ծառայողները խուլիկանութիւն կատարելու անմիջականօրէն ծագած հիմնաւոր կասկածով ձերբակալած եւ ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժին տեղափոխած են Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղացի 29-ամեայ Ռ․ Ա․-ն։

Դէպքի փաստով ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժնէն ներս փաստաթուղթեր կազմուած են, որոնք փոխանցուած են ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու քննչական բաժին։