image

Երեւանի մէջ գործարկուած է «Հայաստան-ՊՐԻՔՍ» գործարար համագործակցութեան կեդրոնը

Երեւանի մէջ գործարկուած է «Հայաստան-ՊՐԻՔՍ» գործարար համագործակցութեան կեդրոնը

Երեւանի մէջ պաշտօնապէս գործարկուած է «Հայաստան-ՊՐԻՔՍ» գործարար համագործակցութեան կեդրոնը։

Համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը ստորագրած են Հայաստանի գործարար միաւորումներու ներկայացուցիչները ՊՐԻՔՍ առեւտրաարդիւնաբերական պալատի, ՊՐԻՔՍ կեդրոնի եւ Ռուս-Ասիական գործարար խորհուրդի հետ «Հայաստանի եւ ԵԱՏՄ-ի համագործակցութեան նոր հորիզոնները ՊՐԻՔՍ-ի եւ ՇՀԿ-ի հետ» առաջին միջազգային համաժողովի շրջածիրէն ներս:

Կեդրոնը պիտի նպաստէ գործարարութեան զարգացման եւ ներդրումային միջավայրի բարելաւման, առեւտուրին, կրթական եւ գիտական նախաձեռնութիւններու խթանման, արհեստագիտական փոխգործակցութեան, այդ շարքին՝ ՊՐԻՔՍ երկիրներու ռեսուրսային կեդրոններու ներուժի օգտագործման:

Այդ թոյլ կու տայ Հայաստանին առաւելագոյնս արդիւնաւէտ օգտագործել աշխարհի խոշորագոյն տնտեսութիւններու հետ համագործակցութեան ներուժը։ Հայաստանցի գործարարները կրնան կեդրոն դիմել ՊՐԻՔՍ–ի տարածքին մէջ տնտեսական նախագիծերու իրականացման համար օտարերկրեայ գործընկերներու որոնման հարցով աջակցութիւն ստանալու նպատակով։ Գործարար համագործակցութեան կեդրոնի հովանիի ներքոյ պիտի իրականացուին տարբեր միջոցառումներ։ Կեդրոնի գրասենեակը փաստացի աշխատանքները պիտի սկսի սեպտեմբերէն: