Ատրպէյճանի փոխվարչապետ, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան եռակողմ յանձնաժողովի համանախագահ Շահին Մուսթաֆաեւն այսօր յայտարարած է, թէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման այլընտրանք չկայ։
«Պաքուն շահագրգռուած է Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ, ինչպէս նաեւ խաղաղ պայմանագրի ստորագրման համար պատրաստ է բանակցութիւններու։ Յարաբերութիւններու կարգաւորմանն այլընտրանք չկայ»,–ըսած է Մուսթաֆաեւը Ռուսիա-Ատրպէյճան-Իրան աշխատանքային խումբի նիստի ժամանակ:
Ընդ որում`ան նշած է, որ Երեւանն ու Պաքուն կրնան յարաբերութիւնները կարգաւորել միայն «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման շրջածիրէն ներս ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային սահմաններու անխախտելիութեան փոխադարձ ճանաչման պարագային»:
Մասթաֆաեւ աւելցուցած է, որ«3+3» ձեւաչափը (Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան, Թուրքիա, Ռուսիա, Իրան) թոյլ կու տայ զօրացնել տարածաշրջանային անվտանգութիւնը:
Անոր խօսքով` նոր իրողութիւններու պայմաններուն Պաքուն պատրաստ է տարածաշրջանի երկիրներու հետ համագործակցութեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն։