image

Երեւանի անձնագրային կէտերուն մէջ խճողուած վիճակ

Երեւանի անձնագրային կէտերուն մէջ խճողուած վիճակ

Վերջին ամիսներուն աննախադէպ են հերթերը Երեւանի անձնագրային եւ վիզաներու վարչութիւններուն մէ': Քաղաքացիները ստիպուած կ'ըլլան նոյնիսկ օրերով իրենց հերթը սպասել: Պատճառները մի քանիսն են` ամրան աւելցած է երկրէն մեկնողներուն թիւը, ռուս–ուքրանական պատերազմով պայմանաւորուած` կտրուկ աճած է Ռուսիոյ քաղաքացիներու հոսքը Հայաստան, որոնք այստեղ երկար մնալու մտադրութիւն ունին եւ հաշուառում կ'անցնին: 

Բացի այդ` ինչպէս ոստիկանութիւնը նախօրէին յայտնած է, այս տարի շուրջ երեք անգամ աւելցած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու յայտերու թիւը: Տարուան առաջին վեց ամիսներուն նման 9917 յայտ ստացուած է, մինչդեռ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին անոնց թիւը 3448 էր: