image

Երեւան Թեհրանի հետ կարեւոր համաձայնութիւն մը պիտի կնքէ

Երեւան Թեհրանի հետ կարեւոր համաձայնութիւն մը պիտի կնքէ

Հայաստանը պատրաստ է վաւերացնելու «Պարսից ծոց-Սեւ ծով» միջազգային փոխադրային միջանցքի գործարկման մասին համաձայնագիրը՝ Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համապատասխան: Ներկայիս նախագծի մասնակիցները կը սպասեն, թէ երբ Իրանը՝ տուեալ նախագծի գաղափարի հեղինակը, պիտի յայտարարէ համաձայնագրի ստորագրման թուականը:

Այս մասին «Sputnik Արմենիա»ի գրաւոր հարցմանն ի պատասխան յայտնած են ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութենէն։

«Պարսից ծոց-Սեւ ծով» միջազգային փոխադրային միջանցքի նախագիծը կ'ենթադրէ չընդհատուող երթուղի, որ Տելին եւ Թեհրանը պիտի կապէ Եւրոպայի հետ՝ Երեւանի եւ Թիֆլիսի միջոցով, բոլոր տեսակի փոխադրումներով։

 

Մանրամասները՝ սկզբնաղբիւր կայքէն։