Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն մեկնարկած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ջահերով երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդ: Ինչպէս ամէն տարի՝ այս տարի եւս երթը կազմակերպուած է ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան կողմէ:
Երթի մասնակիցները Բաղրամեան պողոտայով, Քիեւեան փողոցով պիտի բարձրանան Ծիծեռնակաբերդ, ուր Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրի անմար կրակի մօտ պիտի խոնարհեն բոլոր այն երկիրներու դրօշները, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: