Փետրուար 25-ին, Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր ձեռնարկ՝ նուիրուած պոլսահայ գրող, «Մարմարա» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանի ծննդեան 100-ամեակին։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին եւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնին համատեղ նախաձեռնութեամբ։
Գրական ցերեկոյթը համախմբած էր ականաւոր գրականագէտներ եւ արուեստի գործիչներ՝ խօսելու Ռոպէր Հատտէճեան գրողի, հասարակական գործիչի, հայ մարդու անցած մեծ ճանապարհին եւ անոր թողած գրական ժառանգութեան մասին։
Ձեռնարկը վարեց բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, տօցենտ, «Սփիւռք» կեդրոնի ղեկավար Քնարիկ Աբրահամեան։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ համալսարանի պաշտօնակատար Լիլիթ Մկրտչեան։ Ան շեշտեց. «Ան թողած է այնպիսի գրական ժառանգութիւն, որ մեզի կարելիութիւն կու տայ ուսումնասիրելու, հետեւութիւններ ընելու եւ արժեւորելու։ Հատտէրճեան իր օրինակով ցոյց տուած է, թէ ոչ մէկ մարտահրաւէր կրնայ մեզ սասանել՝ հաւատարիմ մնալու մեր լեզուին, ինքնութեան եւ ազգային արժէքներուն»։
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, շնորհակալութիւն յայտնելով մանկավարժական համալսարանին հետ մշտական համագործակցութեան համար, նշեց. «Մեզի համար խորհրդանշական էր նշել պոլսահայ մեծ մտաւորականի հարիւրամեակը՝ մարդ մը, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին նուիրուած էր ոչ միայն հայ գրականութեան, այլեւ իր ժողովուրդին։ Ան միշտ կարեւորած է այն միտքը, թէ պոլսահայ գրականութիւնը սփիւռքահայ գրականութիւն չէ՝ հիմնաւորելով, որ հայերը շատ աւելի հին ժամանակներէ ի վեր ապրած են Պոլսոյ մէջ, քան թուրքերն։ Այո՛, հիրաւի, պոլսահայ գրականութիւնը կը սերի հայրենիքէն եւ այդ պատճառով ունի իր առանձնայատուկ դերն ու տեղը մեր գրական անդաստանին մէջ։ Այդ իսկ պատճառով Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը թէ՛ գիտաժողովներու եւ թէ՛ առանձին ժողովածուներու հրատարակութեամբ պարբերաբար կ՚անդրադառնայ պոլսահայ գրողներուն եւ այնտեղի գրական-մշակութային կեանքին»։
Բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր Սուրէն Դանիէլեան, կարեւորելով արեւմտահայ գրականութեան շարունակականութեան հարցը, նշեց. «Եթէ կը խօսինք արեւմտահայ գրականութեան շարունակականութեան մասին, չենք կրնար չընդգծել Հատտէրճեանը՝ իր «Առաստաղ» վէպով։ «Առաստաղ»-ը կը խորհրդանշէ ոչ միայն սահման եւ բարձրութիւն, այլ նաեւ մեր գրականութեան մեծութիւնը՝ շեշտելով անոր շարունակական բնոյթը»։
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ողջոյնի խօսքը փոխանցեց վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան։ Ան կարեւոր նկատեց մանկավարժական համալսարանին հետ Համազգայինի համագործակցութիւնը՝ ընդգծելով, որ կայացած այդ գործակցութեան վառ օրինակներէն մէկը սոյն ձեռնարկն է՝ ի շահ մեր գրականութեան եւ մշակոյթի։
«Ռոպէր Հատտէճեան իր մնայուն տեղն ու դերը ունեցաւ Պոլսոյ հայկական կեանքի վերարթնացման գործին մէջ։ Ան իր հարիւրամեայ կեանքով, ազգային-մշակութային գործունէութեամբ եւ իր խմբագրած «Մարմարա»-ով դարձաւ այդ կեանքը ապրեցնողներէն մէկը»,– շեշտեց Շահպազեան։
Փրոֆ. Վազգէն Գաբրիէլեան, անդրադառնալով գրողի բազմավաստակ ուղիին, նշեց, թէ թէեւ Հատտէրճեան չհասաւ ապրելու իր երկրային կեանքի մէկ դարը, սակայն անոր թողած ժառանգութիւնը պիտի ապրի դարերով՝ ամրագրելով անոր դերը հայ գրականութեան մէջ որպէս գրող, խմբագիր եւ իր ժողովուրդի ճակատագրով ապրող հայ մարդ։
Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆ. Սամուէլ Մուրատեան, փրոֆ. Արծրուն Աւագեան, համալսարանի պատմութեան բաժնի տնօրէն Էտկար Յովհաննիսեան, տոքթոր Պետրոս Տէմիրճեան, Վալերի Փիլոյեան, դերասան եւ բեմադրիչ Արամ Կոստանեան, Մանուշ Բալայեան, ինչպէս նաեւ համալսարանի շրջանաւարտ, պոլսահայ Պետրոս Չաւիքեան։