Ծանօթացէք ՝ Պասէմ Աուատալլան է։ Յորդանանի այսպէսասած «զօրաւոր մարդ»ը, (Յորդանանաի թագաւորական պալատի ը նախկին ընդհանուր պատասխանատուն) որուն մասին պաշտօնական Ամման քիչ առաջ յայտարարեց, թէ մինչեւ այս պահը կը գտնուի կալանքի տակ եւ բոլոր այն լուրերը, ըստ որոնց Աուատ Ալլա-ն լքած է երկիրը սուտ են եւ չեն համապատասխաներ իրականութեանը։
Յիշեցնեմ, որ վերջին օրերուն եւ շատ կարճ արարի վրայ Ամմանի մէջ եղած դէպքերը տարբեր առումներով ալ արժանի են ուշադրութեան, այն իմաստով, որ իրաւապահ մարմիններ կարողացան վիժեցնել «պետական հարուած»ի մը փորձը, որ «լայթ» ըլլալուն համար ալ ձախողեցաւ։
Չի բացառուիր, որ Յորդանանի մէջ խառնակչութիւն ստեղծել ուզող կողմերը միայն փոքր մաստշտապի ցնցում ուզած էին առաջացնել ու աւելի անդին երթալով ինչ որ բաներ քաղելու նպատակով այս «ցնցում»ը իրականացուցին։
Յիշեցնեմ նաեւ, որ Հայ Ժողովուրդի եւ Հայաստանի մեծ բարեկամ Յորդանանի Ապտալլա Բ.ն թագաւորը երէկ մամլոյ ասուլիս մը տալով վստահեցուցած էր, որ տագնապն արդէն աւարտած է ու ամենակարեւորը Համզա իշխանը երդում կատարած էր, որ պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ Հաշիմեան թագաւորութեան աւանդներուն։
Մէկ խօսքով այսօր արդէն պարզ է, որ Յորդանանը տապալելու միտուած բոլոր փորձերը վիժեցուած են ու թագաւորութիւնը անցած է իր բնականոն կեանքին։
Լուսանկարին մէջ Պասէմ Աուատալլան Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սըլմանի կողքին, կերեւի նաեւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին։ Շատ անգամ լուսանկարները շատ աւելի խօսուն են քան երկար-բարակ մեկնաբանութիւնները։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել