Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած Իսրայէլի մէջ այս պահուն կը գտնուի մօտ երկու տասնեակ ՀՀ քաղաքացի, որոնցմէ մեծ մասի հետ դեսպանութիւնը մշտական կապի մէջ է։ Այս մասին յայտնած են ԱԳՆ-էն։
Մարտ 5-ին Իսրայէլի զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը յայտարարած է օտարերկրեայ քաղաքացիներու տեղափոխումը մինչեւ Եգիպտոսի հետ սահմանային անցակէտ կազմակերպելու հնարաւորութեան մասին։ Այդ նախաձեռնութեան վերաբերեալ դեսպանութիւնը տեղեկացուցած է ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով Իսրայէլի մէջ մնացած ՀՀ քաղաքացիներուն։ Այս պահի դրութեամբ անոնցմէ արձագանգած են 4-ը՝ տեղեկացնելով, որ դեռ կը նախընտրեն մնալ Իսրայէլի մէջ սպասել «Պեն Կուրիոն» օդակայանի աշխատանքի վերսկսման։
Իսրայէլի տարբեր համալսարաններու եւ աւագ դպրոցներու մէջ կ՚ուսանին մէկ տասնեակ ՀՀ քաղաքացիներ, որոնք այս պահուն Հայաստան վերադառնալու ցանկութեան մասին չեն տեղեկացուցած։
Յիշեցում. Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հաղորդակցութեան տուեալներն են՝ +972 58 607-0313 (նաեւ WhatsApp), +972585811144