Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան մէջ տեղի ունեցած է եռակողմ հանդիպում՝ Սուրիոյ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Յորդանանի պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ, որու առանցքային թեմաներն եղած են Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը եւ վերակառուցման գործընթացին աջակցելու ուղիները։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին նշուած է Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան գրառման մէջ՝ X-ի հարթակին վրայ։
Գրառման համաձայն, հանդիպման մասնակցած են Յորդանանի փոխվարչապետ, արտաքին գործերու եւ արտագաղթեալներու նախարար՝ Այման Սաֆատին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Ասատ Շէյպանին, Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան եւ Սուրիոյ հարցերով յատուկ բանագնաց՝ Թոմաս Պարաքը, ինչպէս նաեւ երեք երկիրներու այլ ներկայացուցիչներ։
Մասնակիցները հաստատած են, որ Սուրիոյ Սուէյտայի նահանգը իր բոլոր համայնքներով Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան անբաժանելի մասն է, եւ որ նահանգի բնակիչներու իրաւունքները պէտք է պաշտպանուին նոր Սուրիոյ վերակառուցման գործընթացին մէջ։
Յորդանանը եւ Միացեալ Նահանգները ողջունած են Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած քայլերը Սուէյտայի մէջ յանցագործութիւններու եւ խախտումներու բոլոր մեղաւորները պատասխանատւութեան ենթարկելու ուղղութեամբ։
Սաֆատին եւ Պարաքը վերահաստատած են Յորդանանի եւ Միացեալ Նահանգներու ամբողջական համերաշխութիւնը Սուրիոյ հետ եւ իրենց աջակցութիւնը Սուրիոյ անվտանգութեան, կայունութեան, ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ քաղաքացիական բարեկեցութեան։
Կողմերը համաձայնած են մօտ ապագային գումարել եւս մէկ հանդիպում՝ քննարկումները շարունակելու նպատակով։ Անոնք նաեւ համաձայնած են արձագանգել Սուրիոյ կառավարութեան խնդրանքին՝ ստեղծելու եռակողմ աշխատանքային խումբ (Սուրիա–Յորդանան–ԱՄՆ)՝ Սուէյտայի մէջ հրադադարի ամրապնդման եւ նահանգի ճգնաժամին լուծում տալու համար՝ աջակցելով Սուրիոյ կառավարութեան ջանքերուն։
Աւելի վաղ՝ 2025-ի Յուլիս 19-ին, Ամման հիւրընկալած էր եւս մէկ հանդիպում, որու ընթացքին քննարկուած էին Սուէյտայի նահանգի հրադադարի ամրապնդման եւ ճգնաժամի լուծման վերաբերեալ հարցեր։