image

Թրամփ. «Իրանի հետ գործարք պիտի չընենք»

Թրամփ. «Իրանի հետ գործարք պիտի չընենք»

 

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ անվերապահ անձնատւութենէն բացի Իրանի հետ այլ համաձայնութիւն պիտի չըլլայ։ Այս մասին ԱՄՆ նախագահը գրառում կատարած է Truth Social հարթակին վրայ։

«Անվերապահ անձնատւութենէն բացի Իրանի հետ այլ համաձայնութիւն պիտի չըլլայ։ Ատկէ եւ մեծ ու ընդունելի առաջնորդի կամ առաջնորդներու (խմբ․ խօսքը Իրանի նոր հոգեւոր առաջնորդին մասին է) ընտրութենէն ետք մենք, եւ մեր հրաշալի ու շատ քաջ դաշնակիցներէն եւ գործընկերներէն շատերը, անխոնջ պիտի աշխատինք՝ Իրանը կործանումի եզրէն ետ բերելու եւ զայն աւելի քան երբեք տնտեսապէս մեծ, աւելի լաւ ու աւելի ուժեղ դարձնելու համար։

Իրանը մեծ ապագայ պիտի ունենայ։ Իրանը դարձեալ մեծ դարձնենք»,– իր գրառման մէջ նշած է ԱՄՆ նախագահը։