image

Երազի Հայաստանը եւ Հայաստանի երազ

Երազի Հայաստանը եւ Հայաստանի երազ

1997-ին երբ առաջին անգամ Հայաստան ոտք դրի, մէջս մեծ երազներ կային։ Ուրիշ էր Հայաստանը, կային  յոռի տեսարաններ, Կոմիտասի վրայ ապրեցայ շրջան մը. տունը կեղտոտ փոշիի մէջ կորսուած, առանց վերելակի կը բարձրանայինք չորրորդ յարկ, համարեայ թէ ճաշ պատրաստող ալ չկար (կը յիշեմ ինչպէս Սեւանը կամ հարեւանին տունը կը ճաշէր, կամ ալ շաբաթը հեղ մը առաւօտեան ձուազեղին եկուր միասին ուտենք մը կ՚ըսէր)

Սառնարանը հին-հին , ճակատին գրուած էր «Արագած» , այսինքն զայն սարքողները կուզէին յիշեցնել, որ իրենց արտադրածը  Արագած լեռան սառնութիւնը ունի եւ հոն «բնակութիւն» հաստատած բոլոր ուտելիքները «սաղ-սելիմ» պիտի մնային...

 

Սեւանի հոգեբուժարանին մէջ հիանդները թաց լաթով կը փաթթեն։ Ցուրտ եղանակին սառոյցի կտորներով ծանրացած սաւանը փուշի պէս կը մտնէ   բոլոր առումներով ալ անզօր դարձած հիւանդներուն մարմիններուն մէջ։

Յաջորդ օրերուն դարձեալ շատ տխուր պատկերով մը կապոյտ դարձած դիակը կը պատեն նորէն ճերմակ սաւանով, քարացած արեան գնդիկները կ՚իյնան սաւանին վրայ՝ ամբողջացնելու համար ահասարսուռ տեսարանին մէկ դրուագը։

Այս պատկերը վէպէ մը առնուած պատկեր չէ, այլ այն Հայաստանէն որուն քաղաքացիները հպարտ ու երջանիկ են։

Հպարտ են, որ վերջին ընտրութիւնները արդար էին եւ երջանիկ են, որովհետեւ կա՚պրին երկրին մէջ յաւերժօրէն բացակայ գերագոյն գլխաւոր հրամանատարին «յօրինած» երջանկութեան ժամանակներուն մէջ։

Եւ իրօք ինչքան փոխուեցաւ Հայաստանը, անցնող չորս տարիներուն ընթացքին։

Ի դէպ այն մռայլոտ պատկերը, որուն ակնարկեցի ենթադրութիւններու վրայ հիմնուած կամ գեղարուեստականացած  առօրեայի մը բնութագրումը չէ։ Անոր առաջին մասը հիմնուած է օրերս իր պաշտօնավարումը աւարտած Հայաստանի ՄԻՊ (Մարդկային Իրաւանց Պաշտպան) Արման Թաթոյեանի կողմէ ներկայացուցած զեկոյցին, որ գուցէ վերջինն էր անոր մասնագիտական գործուէնութեան աւարտի օրերուն։

Յաճախ կըսեմ ու յաճախ ալ ճիգ կը թափեմ, որ  Սեւ Հայաստանին հետ գործ չունենամ։

Աշխատանքիս ներկայանամ, մեկնաբանեմ, յօդուած գրեմ, հարցազրոյց վարեմ, ամիսը երկու գիրք կարդամ, ընտանիքիս պէտքը հոգամ, թերթս ոտքի պահեմ, աշխատողներուս վճարումները ապահովեմ, ծրագիր մշակեմ, Պոլիս երթամ նոր ֆիլմի մը ծրագրով, սակայն հեռու մնամ այն «Սեւ Հայաստան»էն որ ամէն առիթի կը հալածէ զիս։

Այդ Հայաստանը երազ չունի,  կարծր է, սառոյցի պէս ցաւցնող եւ խոցող,  մայթին վրայ սահելու չափ վտանգաւոր, որուն հետ հանդիպումները միայն վիշտ կը պատճառեն։

1997-ին երբ առաջին անգամ Հայաստան ոտք դրի, մէջս մեծ երազներ կային։ Ուրիշ էր Հայաստանը, կային  յոռի տեսարաններ, Կոմիտասի վրայ ապրեցայ շրջան մը. տունը կեղտոտ փոշիի մէջ կորսուած, առանց վերելակի կը բարձրանայինք չորրորդ յարկ, համարեայ թէ ճաշ պատրաստող ալ չկար (կը յիշեմ ինչպէս Սեւանը կամ հարեւանին տունը կը ճաշէր, կամ ալ շաբաթը հեղ մը առաւօտեան ձուազեղին եկուր միասին ուտենք մը կ՚ըսէր)

Սառնարանը հին-հին , ճակատին գրուած էր «Արագած» , այսինքն զայն սարքողները կուզէին յիշեցնել, որ իրենց արտադրածը  Արագած լեռան սառնութիւնը ունի եւ հոն «բնակութիւն» հաստատած բոլոր ուտելիքները «սաղ-սելիմ» պիտի մնային...

Իսկ սառնարանին պարունակութեան մասին, Աստծոյ սիրոյն բան չըսէք...։

Անոր սպիտակ դատարկութիւնը ամբողջական կրնար դառնալ, եթէ անոր մէջ չըլլային Պոլսէն հասած ծանրոցներու պարունակութիւնը։

Սեւ զէյթունի մեծ տոպրակ մը եւ պոլսեցիներուն շատ սիրելի Քաշար  բէյնիրը։ Մնացածը պաս պարապ, օրական քանի մը խնձոր ես կը բերէի, իսկ Սեւանն ալ  խանութպանէն քանի մը հաւկիթ (վրան անպայման «Արզնի» մակնիշը պէտք է ըլլար) առնելով կը փրկէր մեզ հալածող մեծ դատարկութեան զգացումը։

 Զգացումներու առատութիւն ալ կար Երեւանի մէջ, ամէն քայլափոխի Հայաստանի հանդէպ մեծ երազը երանգ կը փոխէր։

Տեղեր կ՚աճէր, տեղեր կը փոքրանար, բարեւ մը կու տային, բարեւ մը դուն կուտայիր, ծանօթ մը կը տեսնէիր, գրողներու միութիւն կ’իջնէիր, ձեւով մը երազը քեզ կ’ամփոփէր։ 

Քեզ իր գիրկը կը տանէր ու մեծ հաշուով կը հաւատայիր, որ այն Հայաստանը, որուն համար պատրաստ ես ամէն ինչ ընել, դեռ պիտի գայ...։

Օրուայ թերթերու տրցակը ձեռքիդ, մայթէ-մայթ եւ սրճարանէ- սրճարան, սուրճի  թագաւորութեան եւ թագաւորանիստ մայրաքաղաքի երանութիւնը ձեռքերուդ մէջ՝ կը չափէիր Երեւան քաղաքի անծայրածիր թաղամասերը։ 

Դաժանութիւններ գուցէ չկային կամ թերթի խորագրերը, որոնք կամաց- կամաց կը հալէին ու հեզասահ գետին կ’իյնային միեւնոյն է կարեւոր չէին քեզի համար։ 

Կը մնար  շէնքի երրորդ յարկը ելլել որ Ռուբէն Յովսէփեանի սեւ ծայրիկնե-րով սիկարէթի բոյրին մէջ թաթխէիր քու Հայաստանիդ մեծ երազը։ 

Չէիր ալ գիտեր, որ քանի-քանի Հայաստաններ կան, քանի շերտեր Հայաստանի։

Սարգիս Կիրակոսեանին հետ քու կիսած Հայաստանդ օրինակ բոլորովին տարբեր էր միւս Հայաստաններէն։

Կար գրողներու Հայաստանը, որ խենթ ու խելառ բառերու յորձանուտներով քեզ կլանած էր եւ տեսակ մը «վիթամին» էր, որպէսզի ամէն ինչ ընես ու հասցընես այդ խենթութեանդ պահը թուղթին տալ։

Կար «Գարուն»ի Հայաստանը, Լեւոններու Հայաստանը (նկատի ունիմ Լեւոն Անանեանն ու Լեւոն Խեչոյեանը) որոնք մաքուր արոմաթն էին գրողական Հայաստանին։

Կար երգի Հայաստանը, Տիգրան Մանսուրեաններուն, Ռուբիկներուն եւ միւսներուն հետ հիացական բառեր  փոխանակելու Հայաստանը։

 

Կար ոստիկանի Հայաստանը, որ քեզ կը կանգնեցնէր Մեթրոյի ճիշդ անկիւնը՝ հարցնելու համար, որ ինչու նկարներ կը քաշես, ու յետոյ սպառնալիք հնչեցնելու պէս խօսելով յանուն Սփիւռքին քեզ ազատ կ՚արձակէր։

Կար տակաւին  գիշերային ակումբներու, ծուռ հայեացքներու, ապուշ կռիւներու եւ «աղջիկ որսալներ»ու Հայաստանը, որ սակայն երբեք ալ նման չեղաւ Անդրանիկ քեռայրիս ապրած սովետական արկածախնդրութիւններուն։ 

Կար անպայման հոգեւորին Հայաստանը, անոր դատարկ ու միս-մինակ մնացած եկեղեցիներու Հայաստանը, կորսուած աղօթքներու եւ կորուստի բառերու, հրաշալի տօներու եւ հերիսայի հանդիպումներու Հայաստանը։

Կար նաեւ սփիւռքցիներու Հայաստանը, այն Հայաստանը, երբ չորս սփիւռքահայեր ամէն մէկը մէկ անկիւնէ՝ Պոլիս, Պէյրութ, Հալէպ ու Փարիզ դէմ-դիմաց նստելով   ազգի  ցաւին, ու ցաւի ազգութեան մասին կը խօսէին, կը խմէին, երկար գիշերներ կը լուսցնէին, քրթմնչալով, երերաելով, դժգոհելով եւ մասամբ նորին ...

Այս բոլորը կային, կային այս բոլորը, բայց ամենակարեւորը այդ Հայաստանին կամ նոյնիսկ Հայաստաններուն մէջ Երազի Հայաստանը, որ երազի պէս կը շարունակէ մնալ մեր հոգիներուն մէջ   տխուր ու փոքրացած։

Այսօր այդ երազը խամրած է, իսկ նոր սերունդներուն մէջ Հայաստանի երազը ո՞ւր է, գուցէ կայ, կ՚ապրի՞։

Չեմ գիտեր։

                                 Սագօ Արեան 

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...