image

Եռակողմ զօրավարժութիւններ՝ Թիֆլիսի մէջ

Եռակողմ զօրավարժութիւններ՝ Թիֆլիսի մէջ

Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորականները մասնակցած են Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան խողովակաշարի պաշտպանութեան զօրավարժութիւններուն։

Վրաստանի Ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ ETERNITY-2022 հրամանատարաշտաբային զօրավարժութիւններու նպատակը Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ու իրաւապահ մարմիններու միջեւ փոխադարձ օպերատիւ կարողութիւնը աւելցնելն է։ Զօրավարժութիւններու սենարը խաղաղապահ գործողութեան անցկացումն է, որ կը նախատեսէ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթատարի պաշտպանութեան կազմակերպում ճգնաժամային իրավիճակի մէջ։

ETERNITY-2022 զօրավարժութիւններու առաջին փուլը այս տարուան հոկտեմբեր 22-28-ը կայացած է Թուրքիոյ մէջ։