image
Հրատապ լուրեր:

Եպիսկոպոսաց ժողովը Աւստրիոյ մէջ պիտի կայանայ ՀՀ իշխանութիւններու ճնշումներու պատճառով. Տէր Եսայի

Եպիսկոպոսաց ժողովը  Աւստրիոյ մէջ պիտի կայանայ ՀՀ իշխանութիւններու ճնշումներու պատճառով. Տէր Եսայի

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը Հայաստանէն դուրս հրաւիրելը բացարձակապէս որեւէ հակականոնական խնդիր չառաջացներ: Այս մասին ըսած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տէր Եսայի քահանայ Արթենեանը՝ անդրադառնալով հարցի շուրջ հնչող դիտարկումներուն:

«Նման նախադէպեր էլի են եղել պատմութեան ընթացքում, վերջինը եղել է Վազգէն Վեհափառի օրօք, ժողովն անցկացուել է Գահիրէում։ Եկեղեցու Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդն էլ կարող է Հայաստանից դուրս անցկացուել», –ըսած է ան։

Տէր Եսային նաեւ ընդգծած է, որ Եպիսկոպոսաց ժողովը Աւստրիոյ մէջ հրաւիրելու որոշումը կայացուած է ելլելով այն մտավախութենէն, որ իշխանութիւնը կրնայ ինչ-որ կերպ խոչընդոտել ատոր կայացման:

«Որոշումը կայացուել է՝ հաշուի առնելով իշխանութեան կողմից եկեղեցահալած քաղաքականութիւնը եւ հոգեւորականների նկատմամբ ճնշումները», – նկատած է հոգեւորականը։

Յիշեցնենք, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի հրաւէրով Եպիսկոպոսաց ժողովը տեղի պիտի ունենայ Աւստրիոյ Ս. Փեոլթըն քաղաքին մէջ՝ փետրուար 16-19-ին:

 

Լուրը՝ 24News-էն