Նոյեմբեր 27-էն 29-ը Հայաստան պիտի ժամանէ ԵՄ արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն։ Յայտնած է Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան խումբը:
Այցի ընթացքին պիտի քննարկուին տարբեր հարթութիւններու վրայ ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւնները՝ նպատակ ունենալով դիտարկել ԵՄ-ՀՀ կապերու խորացման եւ ամրապնդման հնարաւոր ուղղութիւնները, նաեւ ինչպէս կրնայ Հայաստանն օգտագործել ԵՄ-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ողջ ներուժը:
Սոյն այցն կ՚իրականացուի՝ հետամուտ ըլլալով ս․թ․ հոկտեմբեր 26-ին եւ 27-ին տեղի ունեցած Եւրոպական խորհուրդի յանձնարարականի կատարման`միտուած լաւագոյն կերպով նախանշելու ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններն ամրապնդելու տարբերակները:
Ժամանող պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
Այցի կապակցութեամբ կ՚ազդարարուի Եւրոպական միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ ներդրումներու համակարգման հարթակի մեկնարկը։