Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելը ըսած է, որ «Եւրոմիութիւնը կը դատապարտէ ռազմական մագլցումը շփման գիծի երկայնքով եւ Ղարաբաղի այլ վայրերու մէջ»։
«Կոչ կ'ընենք անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները եւ Ատրպէյճանին՝ կանգնեցնելու ներկայիս ռազմական գործողութիւնները։
Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերու միջեւ երկխօսութեան վերադառնալու հրատապ անհրաժեշտութիւն կայ: Այս ռազմական մագլցումը պէտք չէ օգտագործուի որպէս պատրուակ՝ տեղի բնակչութեան արտագաղթը խթանելու համար։
Բռնութիւնը պէտք է դադրեցուի՝ խաղաղութեան եւ կարգաւորման բանակցութիւններու համար բարենպաստ միջավայր ստեղծելու համար», - ըսուած է յայտարարութեան մէջ: