image

ԵՄ դիտորդներն ու ՀՀ ՊՆ-ն հերքած են Ատրպէյճանի հաղորդագրութիւնները

ԵՄ դիտորդներն ու ՀՀ ՊՆ-ն հերքած են Ատրպէյճանի հաղորդագրութիւնները

Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը մարտ 16-17-ը հայ-ատրպէյճանական սահմանին արտասովոր աշխուժութիւն չէ նկատած։ Այս մասին ըսուած է առաքելութեան X-ի էջին։

«Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը մարտ 16-17-ին պարեկներ ուղարկած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի տարբեր վայրեր։ Իրավիճակը կը մնայ հանգիստ եւ հանդարտ, արտասովոր աշխուժութիւն չի նկատուիր»,-ըսուած է գրառման մէջ։

Այս յայտարարութեամբ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը հերքած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնները, թէ ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։

Մարտի 16-ին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս հերքած էր Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան՝ օրուան տարբեր ժամերուն տարածած երեք հաղորդագրութիւնները, թէ ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի հարաւարեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յիշեցուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի առաջարկը՝ հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքերու եւ/կամ այդ մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան Հայաստան-Ատրպէյճան համատեղ մեխանիզմ ստեղծելու մասին, որուն մինչ օրս Ատրպէյճանը չէ արձագանգած։

Մարտ 13-ին Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը յայտարարեցին, որ համաձայնեցուցած են խաղաղութեան պայմանագրի 17 կէտերէն վերջին երկուքը։ Աշխարհի առաջնորդները ողջունած են խաղաղութեան փաստաթուղթի դրոյթներուն Երեւանի եւ Պաքուի համաձայնութիւնը։

Հայաստանի մէջ, սակայն, մտահոգութիւններ կը հնչեն, որ անգամ համաձայնագրի ստորագրումէն ետք Ատրպէյճանը պիտի շարունակէ խոչընդոտել խաղաղութեան հաստատումը, քանի որ այդ կը կապէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ այլ հարցերու հետ։