image

Ռուսիոյ Պետական Տումայի ընտրութիւնները 20 Սեպտեմբերին

Ռուսիոյ Պետական Տումայի ընտրութիւնները 20 Սեպտեմբերին

Ռուսիոյ Դաշնութեան Պետական Տումայի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան սեպտեմբեր 20-ին։ Փութին ստորագրած է համապատասխան հրամանագիրը։

«Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային Ժողովի նոր գումարման Պետական Տումայի պատգամաւորներու ընտրութիւնները նշանակել սեպտեմբեր 20-ին»,– ըսուած է փաստաթուղթին մէջ։

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի նախագահ Էլլա Փամֆիլովա, իր կարգին, յայտարարած է քուէարկութեան նախապատրաստական աշխատանքներու մեկնարկի մասին։

Աւելի վաղ ան նշած էր, որ ընտրողներու պահանջէն մեկնելով՝ 2026 թուականի միասնական քուէարկութեան օրը (ՄՔՕ-2026) կրնայ տեւել երեք օր։

Ընդհանուր առմամբ, երկրին մէջ պիտի կազմակերպուին տարբեր մակարդակներու աւելի քան 2,200 ընտրարշաւ, եւ նախատեսուած է համալրել 20,700 պատգամաւորական մանտաթներ ու ընտրովի պաշտօններ։