Լիբանանահայ միութենական (յատկապէս ՀՄԸՄ-ի) շրջանակներուն ծանօթ անուն է Էլի Հուլիշեանը։ Երկար տարիներու պատրաստակամութիւն, օգնելու իսկական ոգի եւ նուիրական մօտեցում։
Էլի Հուլիշեանին համար ամենակարեւորը եղած է այն, որ նորահաս սերունդին մէջ ցանէ ու յաւելէ ճատրակաի հանդէպ սէրը ու այդ ոգիով է, որ առաջնորդուած է ան։
Ան միշտ պատրաստ եղած է օգնելու բոլորին, հասնելու բոլորին, եւ մանաւանդ նորերուն ցոյց տալու յաջողութեան ճանապարհն ու գաղտնիքը։
Երկար տարիներու ընթացքին ան կարողացած է դառնալ բազում մատղաշ սերունդներու ընկերն ու մտերիմը ու այդ մօտեցումով ալ գրաւած է շատերու սէրն ու յարգանքը։ Ի դէպ այս նախաբանը գրելու առիթը Էլի Հուլիշեանի Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ վերընտրուելու լուրն է, որ օրերս տրուեցաւ Պէյրութի «Ազդակ»ին կողմէ։
Յաջողութեան մաղթանքները միացնելով Էլին մօտէն ճանչցողներուն եւ սիրողներուն փաղանգին ստորեւ կը ներկայացնենք անոր վերընտրութեան մասին ներկայացուած կարճ լրատւութիւնը։
Կիրակի, 22 յունուարին , Պէյրութի Ռիատի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Ճատրակի ֆետերասիոնի ընտրութիւնը` մասնակցութեամբ 33 պաշտօնապէս արձանագրուած ակումբներու, որոնց շարքին` ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի, Անթիլիասի եւ Անճարի մասնաճիւղերուն:
Ընտրութիւններուն հիմամբ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Էլի Հուլիշեան 28 ձայնով վերընտրուեցաւ ֆետերասիոնի անդամ: