Եկեղեցին իր ընկերային վարդապետութեան ուսուցումով կը փորձէ ճանչցնել հաւատացեալներուն ոչ միայն ինչ որ բարի է եւ ճշգրիտ, այլ նաեւ զանոնք կը դաստիարակէ բարեգութ ըլլալու մերձաւորին հանդէպ:
Հինէն ի վեր, մարդկային պատմութեան ամէն դարաշրջանին, Եկեղեցին գտնուած է մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ, մատչելի դարձնելու համար Աւետարանի վարդապետութիւնը ընկերային կեանքին: Տարիներու ընթացքին այս ընթացքը աստիճանաբար մշակուեցաւ, եւ նոր միտք մը երեւան եկաւ որ կոչուեցաւ «Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւն» : Ան հանդէս եկաւ որպէս իմաստութիւն, որ կ'այժմէականացնէ Աւետարանը եւ սկզբունքներ կու տայ այսօրուայ աշխարհի հաւատացեալին :
Եթէ Եկեղեցին կը խօսի այս հարցերուն մասին, պատճառը այն է, որ քրիստոնեաները ներկայ են այս գրաւականներուն մէջ: Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը անջատուած է կեանքէն, որուն մէջ քրիստոնեան ներդրում գործած է: Ան տնտեսական, ընկերաբանական կամ քաղաքական գործողութիւններու ծրագիր մը չէ. «Եկեղեցին ձեւէր չառաջարկեր, կ'ըսէ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Չենդէզիմոյ Աննոյ (100-րդ տարին) շրջաբերական Թուղթին մէջ: Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը, կը շարունակէ քահանայապետը, ընկերաբանական բարոյագիտութիւն է, իր ընկերային ուսուցման մէջ, Կաթողիկէ Եկեղեցին, գործելու համար կ'առաջարկէ հիմնական ուղեգիծեր. եւ հիմնական ուղեգիծը հետեւեալն է՝ «մարդկային արժանապատուութիւնը»: Այլ խօսքով՝ ընկերատնտեսական կեանքին մէջ, հարկ է պատուել եւ բարձրացնել մարդուն արժանապատուութիւնը, անոր ամբողջական կոչումը, ինչպէս նաեւ ամբողջ հասարակութեան բարիքը, քանի մարդն է հեղինակը, կեդրոնը եւ նպատակը ընկերատնտեսական ամբողջ կեանքին: Իւրաքանչիւր մարդ, ըլլայ ան պարզ քաղաքացի, գործաւոր, գործատէր, կամ տնտեսագէտ, պարտի որպէս քրիստոնեայ իր պարտականութիւնները կատարել հանդէպ իր մերձաւորին, քանի ամէն մէկը՝ միւսին պատասխանատու է:
Հետեւաբար եկեղեցին իր ընկերային վարդապետութեան ուսուցումով կը փորձէ ճանչցնել հաւատացեալներուն ոչ միայն ինչ որ բարի է եւ ճշգրիտ, այլ նաեւ զանոնք կը դաստիարակէ բարեգութ ըլլալու մերձաւորին հանդէպ: Ալ աւելի, Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան ուսուցումը եւ յատկապէս Սրբազան Քահանայապետերու ձայնը, կոչ մըն է ուղղուած՝ քաղաքական եւ տնտեսական մեծ հաստատութիւններուն, անոնց աւելի արդար մարդկային ընթացք ներշնչելու մարդկութեան հանդէպ:
Եթէ ակնարկ մը նետենք տնտեսական տագնապին վրայ, կրնանք ըսել որ այս տագնապը, մեզ կը հրաւիրէ քննելու մեր կենցաղը, մեր յարաբերութիւնը դրամին հետ, եւ մեր որդեգրած միջոցները հարստութիւն դիզելու: Այս չի նշանակեր բացարձակապէս, որ Եկեղեցին կ'ուզէ տնտեսական համակարգը փոխել, այլ զայն կատարելագործել՝ անոր բարոյական դիմագիծ տալով : Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը կ'ըսէ՝ թէ Եկեղեցին պարտականութիւնը ունի ճանչնալու տնտեսական աշխարհի գաղափարախօսութիւնը, եւ հասկնալու անոր տրամաբանութիւնը, եւ զայն հաւատքով լուսաւորելու անձնասիրութենէ եւ սկզբնական մեղքէ : Եւ կ'աւելցնէ, որ անհրաժեշտ են տնտեսական լաւ համակարգեր, որոնք հետամուտ ըլլան արդարութեան եւ յատկապէս սիրոյ :
Այս բոլոր պահանջքները կը կազմեն ատաղձը Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան : Ան կ'ուզէ սորվեցնել թէ մարդ՝ ապրելու համար պէտք ունի հացի, այսինքն առողջ տնտեսութեան, սակայն միեւնոյն ատեն ալ որ մարդ միայն հացով չէ որ կ'ապրի : Ուստի քաղաքական իշխանութիւնը կենսական դեր ունի հետապնդելու ամբողջ հասարակութեան բարիքը, եւ հասնելու յատկապէս տառապող անձերուն, որոնք կարիքը ունին սիրոյ, ինչպէս կ'ըսէ Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը Աստուած սէր է շրջաբերականի թուղթին մէջ:
Ահա այս է Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը:
Նիւթը՝ vaticannews-էն