image

Հրեշտակներու լեզուն

 Հրեշտակներու լեզուն

Ապշած էի…միաժամանակ շատ յուզուած Լորիին   կատարած «հաստատումով»: Անդրադարձայ, որ հինգ տարեկան Լորին, ոեւէ անհատէ աւելի լաւ «գիտէ» հրեշտակներուն լեզուն եւ անոնց ապրած վայրը: 

Երանի մենք ալ մանկան մը բնազդով ու անմեղութեամբ հաւատանք, որ մեր Հայրենիքը հրեշտակներուն բնակավայրն է եւ մեր լեզուն կը կրէ Աստուածային դրոշմ ու հրեշտակային հնչեղութիւն:

 

«Արեւելք» Պլոկի  հեղինակներէն՝ Սիլվա Մահրէճեան-Էսքիճեան 

Անցեալ Կիրակի՝ 13 Հոկտեմբեր 2024, ընտանեօք ներկայ գտնուեցանք մշակութային ձեռնարկի մը, որ մեծ խնամքով ու բծախնդրութեամբ պատրաստուած էր խումբ մը արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու մասնակցութեամբ: 

Կողքս նստած էր հինգ տարեկան թոռնուհիս՝ Լորին։ Յայտագիրի ընթացքին մեծ պաստառի վրայ շքեղօրէն ցուցադրուեցան Հայաստանի տեսարժան վայրերը։ Ոգեւորուած հրաշագեղ ու հարազատ վայրերով անմիջապէս Լորին գիրկս առի եւ սկսայ ականջին փսփսալ. «Լորի՛, հոգի՛ս, ասի Մայր Հայաստանն է, ասի Էջ Միածինը, Մատենադարանը, Օփերան, Ծիծեռնակաբերդը, Տաթեւի վանքը, ճոպանուղին…։ Օր մը անպայման միասին պիտի այցելենք այս վայրերը»: 

Լորին հակառակ իր աշխոյժ բնաւորութեան գրեթէ քարացած էր եւ յափշտակութեամբ կը դիտէր գեղեցիկ տեսարանները։ Յանկարծ շուարեցնող հարցումով մը դիմեց ինծի, որուն չկրցայ պատասխան մը տալ: 

- Նանա՛, հրեշտակները ո՞ւր են։

Յաջորդ առաւօտ յիշեցի Լորիին հարցումը եւ դիմեցի իրեն. «Լորի՛, անուշիկս, երէկ ինչո՞ւ հարցուցիր, որ ո՞ւր են հրեշտակները»: Լորիին աչքերը փայլեցան, ժպտաց եւ քաղցր ձայնով պատասխանեց. «Որովհետեւ հրեշտակները եւ Յիսուս Պապան Հայերէն կը խօսին»: 

Ապշած էի…միաժամանակ շատ յուզուած Լորիին   կատարած «հաստատումով»: Անդրադարձայ, որ հինգ տարեկան Լորին, ոեւէ անհատէ աւելի լաւ «գիտէ» հրեշտակներուն լեզուն եւ անոնց ապրած վայրը: 

Երանի մենք ալ մանկան մը բնազդով ու անմեղութեամբ հաւատանք, որ մեր Հայրենիքը հրեշտակներուն բնակավայրն է եւ մեր լեզուն կը կրէ Աստուածային դրոշմ ու հրեշտակային հնչեղութիւն:

 

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...