image

«Շարպէլ Մախլուֆ լռակեաց Սուրբը».Գերյ. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեանի պատգամը

«Շարպէլ Մախլուֆ լռակեաց Սուրբը».Գերյ. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեանի պատգամը

Օրերս Երեւանէն ոչ հեռու շրջան հանդիսացող Եղվարդ աւանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ արար աշխարհի մէջ մեծ ճանաչում ունեցող, արագահաս սուրբ Շարպէլ Մախլուֆի մեծադիր արձանը։ 

Սոյն արարողութեան այլ հոգեւոր հայրերու կողքին իր մասնակցութիւնը բերաւ եւ յատուկ քարոզով մը հանդէս եկաւ Հայ Կաթողիկէ նուիրեալ միաբան եւ Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Գերյ. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան։

«Արեւելք» ստորեւ Գերապայծառի տուած քարոզը՝ 

Շարպէլ Մախլուֆ` Լռակեաց Սուրբը

 

Սրբութիւնը աստուածային շնորհք մըն է տրուած մարդկութեան. եւ սուրբերը՝ Աստուծոյ պարգեւն են աշխարհին:

Երբոր կարդանք Ս. Շարպէլի կեանքը, առաջին եւ գլխաւոր տպաւորութիւնը զոր կ'ունենանք այս սուրբին մասին այն է՝ թէ «Շարպէլ արբած էր Աստուծմով»: Փոքր տարիքէն իսկ յստակ էր այս առաքինութիւնը անոր մէջ: Բոլորին ծանօթ էր անոր աստուածսիրութիւնը: Երբ իր փոքր տարիքի ընկերները կը խաղաղին, ան կ'առանձնանար քարայրին մէջ, ուր իր փոքրիկ ձեռքերով խորան մը պատրաստ էր: Հոն կ'աղօթէր եւ խունկ կը մատուցէր Աստուծոյ: Եկեղեցին եւ եկեղեցւոյ արարողութիւնները իր կեանքի առանցքը կը կազմէին: Կը սպասարկէր խորանին եւ կ'օգնէր քահանային:

Կ'աղօթէր ... Երկար կ'աղօթէր: Կը կարդար աստուածաշունչը եւ հայրերու գրութիւնները: Ան քաջատեղեակ էր, որ միակ միջոցը որով մարդ կրնար յաղթել այս աշխարհին այն է՝ թէ մարդը պէտք է ձերբազատուի կիրքերէն եւ փոխարէն ձեռք ձգէ աստուածային առաքինութիւններ: Միակ ձեւը որով ան կրնար իրականացնել այս մէկը ՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետ ժամանակ անցնելն էր: Բ. Կորնթ. 3:18-ին մէջ Ս. Պօղոս կը գրէ՝ « Բայց մենք ամէնքս, բաց երեսով Տիրոջը փառքը որպէս թէ հայելիի մէջ տեսնելով, նոյն պատկերին համաձայն կը նորոգուինք...»։ Ս. Շարպէլ լաւ գիտէր, թէ երբ երկար ժամեր անցնէր Տիրոջ հետ, ի վերջոյ Աստուծոյ նմանութիւնը պիտի վերակազմուէր իր մէջ: Այս ճշմարտութեան հակառակն էլ շիտակ է: Սղմ. 135:18 խօսելով չաստուածներու եւ արձաններու մասին կ'ըսէ՝ « Անոնց նման կ՚ըլլան զանոնք շինողները ու բոլոր անոնց յուսացողները»: Այսինքն մարդ արարած կը նմանի իր պաշտած աստուծոյն: Ըսէ ինծի ո՞ վ է աստուածդ, ըսեմ քեզի ո՞վ ես դուն:

Այս բոլորին մէջ Շարպէլ լռակեաց կեանք մը կը վարէր: Իր մասին գրուած բազմաթիւ գիրքերու մէջ չենք գտներ երկար քարոզներ եւ կամ խրատականներ: Իր բերնէն ելած բառերը զորս գիրքերը արձանագրած են անոնք են, իր եղբայրներուն կամ այլոց հետ ունեցած զրոյցներն են: Իր այդ հակիրճ խօսքերն անգամ աստուածային խոր իմաստութիւն կը պարփակեն իրենց մէջ: Իր կեանքի վկայութիւնը սակայն շատ աւելի կը բարձրաձայնէր քան որեւէ այլ խօսք: Լրութեամբ կրեց նախատինք, անարգանք, եւ վիրաւորանք: Կը մերժէր գնահատանք լսել եւ լրութեամբ կը կրէն նախատինք: Ամէն բանի մէջ հնազանդ էր Աստուծոյ, իր մեծաւորներուն եւ եղբայրներուն:

 

Տէր Յիսուս ըսաւ « Անոնք որ կը հաւատան, այս նշանները անոնց հետ պիտի երթան» Մրկ. 16:17: Երբ այցելէք Ս. Շարպէլի դամբարանը, հոն կրնանք ականատէս ըլլալ այն նշաններուն, որոնք այս սուրբին ընկերացան: Պատերէն կախուած պիտի գտնէք անթացուպեր եւ բազմաթիւ նամակներ: Հոն պիտի տեսնէք նաեւ սայլակներ ( fauteuil roulant) եւ այլ տեսակի քալելու օժանդակ սարքեր: Եւ Տակաւին մինչեւ այսօր գրեթէ առօրեայ հոլովոյթով, հրաշքներ կը կատարուին այս հզօր սուրբի բարեխօսութեամբ:

Ահաւասիկ նման սուրբի մը արձանին դիմաց կը գտնուինք այսօր: Միայն արձան մը չէ, զոր կը կանգնի մեր դիմաց, այլ Աստուծոյ այցելութիւնն է մեր սիրեցեալ հայրենիքին: Այս շնորհալի առիթը, որ մեզի կը ներկայանայ նուէր է սիրելի Նիքոլա Ֆայսալին աղօթքներուն, բարերարութեան եւ բազմաթիւ զոհողութեան: Պատարագի ընթացքին ընթերցուած աղօթքի բառերով կ'ըսենք իրէն՝ թող Աստուած փոխարէն քեզի եւ քու սիրելիներուդ հազարապատիկ օրհնութիւններով օժտէ: Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք այս առիթը կարելի դարձուցին մեզի: Շնորհակալութիւն կ'ուզեմ յայտնել նաեւ մեզի ընկերակցող հիւրերուն եւ հոգեւորական դասուն, յատկապէս կ'ուզեմ յիշել եղբայրս Ժոզեֆ Մուաուատ եպիսկոպոսը, որու հետ այս աղօթքները կատարեցինք:

Շնորհակալութիւն ձեզի սիրելի հաւատացեալներ եւ հայրենակիցներ: Թող սուրբին աղօթքները ընկերանան ձեզի եւ օրհնութիւն բերեն ձեր ընտանիքներուն:

 

Ի վերջոյ կ'ուզեմ նշել, որ այս այցելութիւնը այսօր պատահական չէ. այլ աստուածային նախախնամութեան նշանն է մեր հայրենիքին: Տարբեր տեսակի մարտահրաւէրներ եւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ մեր երկիրը: Թող այս օրհնեալ այցելութիւնը ըլլայ խաղաղութեան ազդանշան եւ օրհնութեան աղբիւր մեր բոլորին: Որքան պէտք ունինք խաղաղութեան՝ ըլլայ մեր անձնական կամ ըլլայ հաւաքական կեանքէն ներս:

Ո՜Վ սուրբ Շարպէլ, դուն եղար Աստուծոյ օրհնութեան, բժշկութեան եւ խաղաղութեան աղբիւր շատերուն: Արդ՝ կ'աղօթենք, որ օրհնես հոս հաւաքուած հաւատացեալ ժողովուրդը: Օրհնէ նաեւ մեր հայրենիքն ու անոր սպասարկողներ: Օրհնէ մեր զինւորեալ երիտասարդներն ու ժողովուրդը: Որպէսզի միշտ փառաբանենք Հայրը, Որդին եւ Ս. Հոգին. Այժմ եւ յաւիտեան. Ամէն: