image

Արհի. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան ընդունուած է Սուրիոյ Վարչապետին կողմէ

 Արհի.  Տ.  Գէորգ Եպս. Ասատուրեան ընդունուած է Սուրիոյ Վարչապետին կողմէ

Սուրիոյ մայրաքաղաք՝ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան օրերս այցելութիւն տուած է Սուրիոյ վարչապետարան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։

 

 Նշենք, որ բրոթոգոլային ու հայկական համայնքին համար այնքան կարեւոր այցի ժամանակ Գերապայծառը ընդունուած է երկրի վարչապետ  Հիւսէյն Առնուսի կողմէ։

 Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Թեմի խոստմնալից միաբաններէն եւ վերջերս՝ Գերյարգելիութեան կոչում ստացած Հ. Գէորգ վրդ. Պահէն։ Հանդիպման արդիւնքներուն մասին ցարդ յստակ տուեալներ չկան, բացի անկէ, որ բնականաբար քննարկուած են երկիրը, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքը յուզող հիմնահարցներն ու առկայ մարտահրաւէրները։

 Յաջողութիւն Գերապայծառին, որ նոր շունչ եւ եռանդ բերաւ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքին։