Պաշտօնական Երեւանը Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք COP 29-ի մասնակցութեան վերաբերեալ դեռ որոշում չունի։ Այս մասին ԱԺ–ի մէջ յայտնած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։
Ան բացասական պատասխան տուած է այն հարցին, թէ արդեօք կը պատրաստուի մեկնիլ Պաքու։
«Ոչ»,–ըսած է ան։
Աւելի ուշ պատգամաւորները Արարատ Միրզոյեանին հարցուցած էին, թէ արդեօք պաշտօնական Երեւանը կը պատրաստուի՞ COP 29-ին մեր երկրի մասնակցութեան համար նախապայման դարձնել Պաքու պահուող հայ գերիներու վերադարձը։ Միրզոյեան նշած է, որ գերիներու հարցը թիւ մէկ առաջնահերթութիւններէն մէկն է։ Ինչ կը վերաբերի COP 29-ին, հայկական կողմի մասնակցութիւնը հաստատուած չէ։
Աւելի վաղ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած էր, որ Հայաստանը ստացած է COP-29–ի մասնակցութեան հրաւէր։ Մամուլին մէջ տեղեկութիւններ կային, որ Արարատ Միրզոյեան որոշակի պայմաններով պատրաստ է մեկնիլ Պաքու։