image

Այս օրերուն լիբանանցի օդաչուները հերոսներ են. Անոնց մէջ է հայազգի Յարութ Արթինեանը

 Այս օրերուն լիբանանցի օդաչուները հերոսներ են. Անոնց մէջ է հայազգի Յարութ Արթինեանը

Այդ «խոնարհ հերոսներ»էն մին է գնդապետ-օդաչու Յարութ Արթինեանը, որուն մասին այս օրերուն դրուատական խօսքեր գրած է իր սիրելի «Հայ Աւետ. Բարձրագոյն Վարժարան»ի  դիմատետրեան էջը։

Ու գեղեցիկ է անշուշտ, որ Յարութի անունը, ինչպէս իր գործընկերներու անունները, կը փայլին՝ այս ծանր փուլին յոյսի եւ լոյսի շող մը արձակելով Պէյրութի մոխրագոյն երկնակամարին վրայ։ 

Ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւինք Լիբանանի զարգացումներուն։ Կը դիտարկենք ու նաեւ լուրեր կը հաղորդենք  մասնաւորապէս Պէյրութը եւ ողջ Լիբանանը «խոցող» իսրայէլեան հարուածներու մասին։ 

Մահ ու աւեր է Պէյրութի յատկապէս Հարաւային  արուարձանին մէջ, եւ այդ վիրաւոր հատուածին ճիշդ կողքը կը գտնուի Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրիի անուան միջազգային օդակայանը։ 

Օդակայան մը, որ մինչեւ այս պահը անխափան կերպով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։

Ճիշդ է, որ օդանաւային տասնեակ ընկերութիւններ արդէն իսկ դադրեցուցած են իրենց թռիչքները դէպի Պէյրութ, սակայն հակառակ այս պատկերին, Լիբանանի օդանաւային ազգային ընկերութիւնը կը շարունակէ իր թռիչքները դէպի Պէյրութ եւ Պէյրութէն դէպի հեռաւոր ափեր։

Լիբանանեան Middle East Airlines-ի (MEA) տնօրէն Մոհամմատ Ալ Հութ, որ երէկ կարճ ելոյթ մը ունեցաւ, յստակօրէն ընդգծեց, որ լիբանանեան ընկերութեան ամբողջ պաշտօնէութիւնը, եւ ի մասնաւորի անոր տարազն ու ուսադիրները կրող օդաչուները իսկական հերոսներ են։

«Բարդ վիճակներու մէջ ենք»,- ըսաւ Մոհամատ Ալ Հութ ու նաեւ նշեց, որ հակառակ մեծ վտանգներուն, MEA -ի պաշտօնեաներն ու օդաչուները փայլուն կը կատարեն իրենց վստահուած գործունէութիւնը։

Իհարկէ, լիբանանեան ընդհանուր պրիսմակին մէջ եւ յատկապէս այս ոլորտին մէջ եղած են ու դեռ ալ կան փայլուն անուններ, որոնք մաս են այս մեծ ընտանիքին, հաւատք ունին պայծառ Լիբանան մը ունենալու երազին հանդէպ ու ամենակարեւորը, տակաւին խրամատի վրայ են ու կը թռչին հազարաւոր մղոններ։ 

Այդ «խոնարհ հերոսներ»էն մին է  գնդապետ-օդաչու Յարութ Արթինեանը, որուն մասին ալ այս օրերուն դրուատական խօսքեր գրած է իր սիրելի «Հայ Աւետ. Բարձրագոյն Վարժարան»ի դիմատետրեան էջը։

Ու հպարտալի է, անշուշտ, որ Յարութի անունը, ինչպէս իր գործընկերներու անունները, կը փայլին այս ծանր փուլին՝ յոյսի եւ լոյսի շող մը արձակելով Պէյրութի մոխրագոյն երկնակամարին վրայ։ 

Ուզեցինք պարզապէս ողջոյնի խօսք մը առաքել Յարութին եւ անոր ընկերներուն, որոնք իրենց աչքը առնելով ամէն դժուարութիւն՝  ուխտած են ծառայել  մեր ու հայութեան սիրելի Լիբանանին ու լիբանանցիներուն։

Անոնց վարձքը կատար եւ բարի թռիչքներ, մինչեւ որ ապահովութեան ծիածանը դարձեալ երեւի Լիբանանի երկնակամարին վրայ։ 

Նշենք նաեւ, որ MEA-ի եւ լիբանանահայութեան  առընչութիւնը նորութիւն մը չէ։ Այս  ընկերութիւնը տարբեր ժամանակներու ունեցած է հայ աշխատակիցներ ու պատասխանատուներ, որոնցմէ ամէնէն առաջատարներէն մին եղած է Տիար Նազարէթ Գարագաշեան, որ երկար տարիներ  ու մեծ  նուիրումով վարած է բարձրագոյն պաշտօններ։ Այսօր ալ ընկերութեան մէջ իբրեւ գլխաւոր օդաչու կը ճանչցուի հայազգի Յարութ Նիկոլեանը, որ գլխաւոր օդաչու է:

Պատմութիւնը անհերքելի փաստերու վկայարանն է, ու մեր պատմութիւնը կ՚ըսէ, որ հայութիւնը մեծ նուաճումներ  ապահոված է՝ յանուն Լիբանանի բարօրութեան եւ վասն մեր ժողովուրդին։

 

 «Արեւելք»

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...