image

Եղբայրական հանդիպում Հալէպի մէջ. Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան ընդունեց՝ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վ. Յովսէփեանը

Եղբայրական հանդիպում Հալէպի մէջ. Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան ընդունեց՝ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վ. Յովսէփեանը

Քեսապի մէջ կը շարունակուի հայ եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական համագործակցութեան եւ համերաշխութեան շեշտադրումները։ Այս առումով ալ  Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելին ընդունաղ է  Հայ Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւը։
Հանդիպումը անցած է  ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ՝ ընդգծելով ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ քրիստոնէական միասնական վկայութեան կարեւորութիւնը։
Կողմերը վերահաստատեցին փոխադարձ յարգանքի, գործակցութեան եւ համայնքային միասնականութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ  առթիւ հրապարակուած  լրատւութիւնը՝

Կիրակի, 24 Մայիս 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Քեսապ կատարած իր այցելութեան ընթացքին, ընկերակցութեամբ Քեսապի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ Պատուելի Շանթ Ակիշեանի, ընդունեց Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգեշնորհ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վ. Յովսէփեանը։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ եղբայրական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, ուր փոխանակուեցան տեսակէտներ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու, համագործակցութեան եւ Քեսապի ու Սուրիոյ ներկայ պայմաններուն մէջ քրիստոնէական միասնական վկայութեան կարեւորութեան շուրջ։

Զրոյցի ընթացքին շեշտուեցաւ, որ եկեղեցիներու միջեւ շարունակական գործակցութիւնը, փոխադարձ յարգանքն ու համերաշխութիւնը կարեւոր դեր կը խաղան համայնքային կեանքի զօրացման, միասնականութեան ամրապնդման եւ յոյսի պահպանման մէջ։