Իսրայէլի ղեկավարութիւնը, ստանալով Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքի աջակցութիւնը, արդէն 25 օր է, որ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կ՚իրականացնէ։ Այս մասին, ինչպէս հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, կառավարութեան նիստէն ետք ժողովուրդին ուղղուած իր ուղերձին մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։
«Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու անվերապահ աջակցութեամբ Իսրայէլի վարչակազմը 25 օր է ամբողջ աշխարհի առաջ յանցագործութիւն կը կատարէ մարդկութեան դէմ»,-ըսած է Թուրքիոյ նախագահը։
Անոր խօսքով՝ պետութիւնները պէտք է հետեւին պատերազմի կանոններուն, մինչդեռ Իսրայէլը հարուածներ կը հասցնէ հիւանդնոցներուն, ուստի իրենք պիտի շարունակեն աշխատանքները ռազմական յանցագործութիւններ կատարած բոլոր իսրայէլցիները օրէնքի առջեւ կանգնեցնելու ուղղութեամբ։
«Մենք կը կարծենք, որ Իսրայէլին, որ կարծես ամբողջովին կորսնցուցած է պետականութեան զգացումը եւ հանդէս կու գայ որպէս ինչ-որ կազմակերպութիւն, պէտք է որքան հնարաւոր է շուտ կանգնեցնել»,- աւելցուցած է Էրտողանը։