Եղանակային վատ պայմաններու պատճառով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղղաթիռը չնախատեսուած վայրէջք կատարած է Վանաձորի մէջ։
«Այժմ ճանապարհը շարունակում ենք ավտոմեքենայով։ Լաւ օր եմ մաղթում բոլորիս»,- գրած է վարչապետը դիմատետրեան իր էջին։
Աւելի վաղ թելեկրամեան ալիքներու վրայ լուր տարածուած էր, որ Նիկոլ Փաշինեանի ուղղաթիռն արտակարգ վայրէջք կատարած է Վանաձորի մարզադաշտին մէջ։ Ըստ տեղեկութիւններու՝ Փաշինեան կ՚ուղեւորուէր Տաշիր։