Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կրնայ յայտարարել «Քովիտ» համավարակի աւարտին մասին, երբ միջազգային բժշկական համակարգը ծանրաբեռնուած չըլլայ։ Նման պայման նշած է ԱՀԿ-ի եւրոպական գրասենեակի տնօրէն Հանս Քլիւկէն։
Ըստ Քլիւկէի, եթէ նախապէս համավարակի դէմ պայքարին հիմնական խնդիրը պատուաստանիւթի առկայութիւնն էր, ապա այժմ այդ կեղծ լուրեր են եւ պատուաստումներու մասին կարծիքներու տարածումն է բնակչության շրջանակին մէջ։
Ան ընդգծած է, որ, ըստ «բաւական հաւաստի գնահատականներու», մինչեւ 2022 թուականի Փետրուարը եւրոպական տարածաշրջանին մէջ մօտ 500 հազար մարդ կրնայ մահանալ «Քովիտ»ի պատճառներէն. այս կանխատեսումը ցոյց կու տայ վարակի ներկայիս տարածումը։