image

Հայաստանի հիւանդանոցներուն մէջ «Քովիտ»ի պարագաները կ՚աճին

Հայաստանի հիւանդանոցներուն մէջ «Քովիտ»ի պարագաները կ՚աճին

Հայաստանի մէջ վերակենդանացման բաժանմունքներուն եւ հիւանդանոցներուն մէջ «քովիտ»ով հիւանդներու թիւը կ'աճի։ Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրառում կատարած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեանը՝ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնի Աւան մասնաճիւղ այցէն ետք:

«Դժուար է համակերպուել, որ վերակենդանացման բաժանմունքներում եւ ստացիոնարներում քովիտով հիւանդների թիւն աճում է։ Նշեմ, որ հոսպիտալացուածները հիմնականում չպատուաստուած քաղաքացիներ են»,-նշած է Աւանեսեանը:

Նախարարը անգամ մը եւս յորդորած է քաղաքացիները պատուաստուելու: