15 Յուլիսին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան զօրամասին մէջ տեղի ունեցած դժբախտ պատահարի հետեւանքով վնասուածքներ ստացած եւ հիւանդանոց տեղափոխուած է բուժկէտի պետ-բուժակ, պայմանագրային զինծառայող, կրտսեր սերժանտ Քրիսթինէ Միխայէլի Չիչեանը (1985 ծնունդ)։ Հակառակ բժիշկներու գործադրած ջանքերուն, 16 յուլիսին Քրիսթինէ Չիչեանը մահացած է։ Կը տարուի քննութիւն՝ դէպքի հանգամանքները լիարժէք պարզելու համար։
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Քրիսթինէ Չիչեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: