Բրիտանիա- («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն) Ձախակողմեան հայացքներով յայտնի Ճէրըմի Քորպըն երէկ ընտրուեցաւ Բրիտանիոյ «Աշխատաւորական» կուսակցութեան նախագահ: Մարքսիստ գաղափարներով յայտնի Քորպըն ստացած է ընտրութեան մասնակիցներու քուէներուն 60 առ հարիւրը: «Ալ Հայաթ» գրելով այս մասին նաեւ կը յայտնէ, որ Քորպընի «աշխատաւորական» կուսակցութեան ղեկը ստանձնելով Անգլիոյ Եւրոպական Միութիւնէն հեռանալը կրնայ արագանալ: Նշենք, որ կուսակցութեան նախկին նախագահ Թոնի Պլէրի համակիրները երէկ ծանր քննադատութիւններ ուղղած են Քորպընին եւ անոր կուսակցութեան գլխաւոր առաջնորդի աթոռին հասնիլը համարած են մեծ նահանջ: