Վրաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի խորհրդարանական ընտրութիւններու ամփոփումն սկսած է ծեծկռտուքով, այս մասին հաղորդած է «Սփութնիք Կրուզիան»։
Հանդիպումը ստիպուած ընդհատուած է այն բանէ ետք, երբ ընդդիմադիր «Միացեալ ազգային շարժման» առաջնորդներէն Տաւիթ Քիրթաձէն ներկ թափած է ԿԸՀ ղեկավար Կիորկի Քալանտարիշվիլիի վրայ։
Ընդդիմութեան ներկայացուցիչները հաւաքուած էին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի շէնքի մօտ՝ բողոքելու ընտրութիւններու արդիւնքներու դէմ։ Դէպքի վայրին մէջ եղած են ոստիկաններ։